2013-02-19 14:38:00

Կարդինալ Սարահ` Յորդանանի Մէջ։


19 - 21 փետրուար 2013, Քահանայապետական բարեսիրական մարմնի ''Գոր Ունում'' -ի նախագահ` Կարդինալ Րոպէրդ Սարան, վերոյիշեալ մարմնի քարտուղար` գերապայծառ Ճամբիթէրօ Տալ Թոզոյի ընկերակցութեամբ մեկնած է Յորդանան, ուր տեղի կ՛ունենայ Գարիթասի շրջանային տարեկան խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի կաթողիկէ բարեգործական կազմակերպութիւններու մարդասիրական օժանդակութիւններու հաշուեկշիռը, յատուկօրէն անդրադառնալով Սուրիացի փախստականներու եւ գաղթականներու իրավիճակին ու անոնց ի նպաստ մարդասիրական օգնութիւններու գործընթացին։

Գոր Ունումի գնահատանքով շրջանի մարդկայնական իրողութիւնը անհանդուրժելի դարձած է։ վերջին տուեալներու համաձայն Սուրիոյ տաքնապի հետեւանքով փախստականներու թիւը գերազանցած է 1 միլիոն, մինչ արտահանուածներու թիւը հասած է 2,5 միլիոնի եւ պատերազմը արդէն պատճառած է100 հազարէ աւելի մեռեալներ, յառաջացնելով աղքատութիւն ու տառապանք.

Երեք օրուայ այցելութեան ընթացքին Գոր Ունում բարեսիրական մարմնի նախագահն ու քարտուղարը առիթ կ՛ունենան այցելելու գաղթականներու ճամբարները ու յատուկ հանդիպում պիտի ունենալու Յորդանանի Թագաւոր` Ապտալլահ Իպն էլ Հիւսէյնի հետ.








All the contents on this site are copyrighted ©.